2014-12-18 09:25:52

Քանատացի եպիսկոպոսներու մաղթանքը, Յիսուսի ս. ծննդեան տօնին առթիւ` ''Յիսուս Մանուկին մէջ գտնել կորսուած անմեղութիւնը''։


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) ''Մի վախնաք Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին առթիւ յայտնել ձեր բարեմաղթութիւնները ու ապրիլ տօնին նշանակութիւնը'', կը գրեն Քանատայի եպիսկոպոսները իրենց Ծննդեան պատգամին մէջ։ Անցեալին ինչպէս այսօր Քանատան թիրախ եղած է բռնութիւններու, ինչպէս. չարագործութիւնը, սեռային բռնաբարութիւններն ու հարստահարութիւնը աշխատանքի միջավայրին մէջ։
Շիտակ է որ երկիրը կորսնցուց իր անցեալի անմեղութիւնը։ Բարի լուրը այն է, կը կարդանք միշտ ծննդեան պատգամին մէջ, որ Յիսուսի ս. Ծնունդը հետը կը բերէ յոյս մը անիմանալի, գրեթէ անհաւատալի։ Անոր շնորհիւ ու զօրութեամբ կարելի է վերագտնել անեղութիւնը։
Կ’ապրինք աշխարի մը մէջ յատկանշուած բռնութեամբ, թիրախ` պատերազմի, մարդասպանութեան, չարաշահութեան, անարդարութեան։ Այդ աշխարհին մէջ ծնաւ Մանուկ մը, որ կոչեցինք ‘’Իշխան խաղաղութեան’’։ Այս Մանուկը աճեցաւ ու դարձաւ ‘’նոր աշխարհի մը Մարգարէն, ուր կը տիրեն արդարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը''։ Անոր Յարութիւնը յայտնեց իր բարեկամներուն կեանքին վերջնական նշանակութիւնը` ահա այս է Խորհուրդ մեծը, որով կը տօնենք Յիսուսի ս. Ծնունդը։ Յիսուսի մէջ կարելի է վերագտնել կորսուած, բուժուած ու վերանորոգուած անմեղութիւնը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, հրաւիրուած է բանալու իր սիրտը նոր Աւետիսին ու բաժնեկցելու զայն ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն ու հայրենիքին հետ'' հաստատեցին Քանատայի եպիսկոպոսները իրենց ծննդեան պատգամին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.